2016-01-19 11:28:00

Պատրիարք Սաքօ` ''Թուրք բանակը ռմբակոծած է քրիստոնեայ գիւղ մը Իրաքի մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Թուրք բանակը ռմբակոծած է թուրքիոյ սահմանակից Շարանիշ քրիստոնեայ գիւղը։ Ռմբակոծումը շփոթութիւն ստեղծած է բնակիչներու մօտ որոնք պարտաւորուած եղած են տուներէն հեռանալ­, ձիւնի ու ցուրտի հանդերձ'' հաղորդագրած է Քաղդէացիներու պատրիարքութիւնը խստիւ դատապարտելով թուրք բանակին զինեալ միջամտութիւնը եւ զայն որակելով ''բոլորովին անարդարացուցիչ'', միաժամանակ խնդրելով Քիւրտիստանի կառավարութենէն պատշաճ կարգադրութիւններ ձեռք բերել  քաղաքացիներու ի պաշտպանութիւն։

Քաղդէացի  պատրիարքութիւնը ապա բողոք ներկայացուցած է թուրքիոյ դեսպանին մօտ։ Նշենք որ այս առաջին անգամը չէ որ թուրք բանակը ռմբակոծում կը կատարէ քրիստոնեայ գիւղի մը դէմ ։ 2014- ի օգոստոսին Շարանիշ եւ այլ քրիստոնեայ գիւղեր թիրախ եղան թուրք բանակի ռմբակոծումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.